2013-10-19 09:20:53

Մեսրոպեան Վարժարանի Եւ Ս. Մեսրոպի Արիներու 75-ամեակի Մեծաշուք Բացում` Համապատարագ Եւ Պարգեւատրում


Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի եւ Ս. Մեսրոպի արիներու 75-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւններու պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 18 հոկտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ, ներկայութեամբ Պապական նուիրակ եպս.Կապրիելլէ Քաչչայի, արհիապատիւ գերապայծառներու, նախկին եւ ներկայ նախարարներու եւ երեսփոխաններու, հոգեւոր հայրերու, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանին, առաքինազարդ քոյրերու, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներուն, հայկական կուսակցութիւններու, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ աւելի քան 1500 հայորդիներու:
Պաշտօնական բացման հանդիսութեան սկզբնաւորութեան տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ` հանդիսապետութեամբ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, մասնակցութեամբ Մեսրոպեան վարժարանի հետ առնչուած հոգեւորականներուն եւ երգեցողութեամբ վարժարանի երգչախումբին:
Հոգեւոր Տէրը իր պատգամին մէջ մեծապէս գնահատեց Մեսրոպեան վարժարանի 75-ամեայ բեղուն գործունէութիւնը եւ շեշտեց, թէ հայ դպրոցին առաքելութեան հիմքը քրիստոնէական եւ հայկական դաստիարակութիւնն է, ինչ որ Մեսրոպեան վարժարանի մէջ կը մատուցուի:
Ապա տեղի ունեցաւ ջահավառութիւն, մասնակցութեամբ պատրիարքին, Ս. Մեսրոպի արիներու, բողբոջ եւ աւարտական դասարաններու աշակերտներու եւ երիցագոյն մեսրոպեանական պրն. Առաքել Մինասեանին:
Օրուան հանդիսավար Րաֆֆի Տէմիրճեան նշեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանը իր բազմաթիւ աշակերտներով, դիմագիծով եւ պատկանելիութեամբ Պուրճ Համուտի սիրտն է, լիբանանահայութեան գոյութեան գլխաւոր երաշխիքներէն մէկն է:
Մեսրոպեան վարժարանի եւ Ս. Մեսրոպի Արիներու անցեալէն ու ներկայէն լուսանկարներու ցուցադրութենէն ետք, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանը մեծ ընտանեկան բոյն է, որուն հայրը հայ կաթողիկէ եկեղեցին է, մինչ տնօրէնէն մինչեւ վարորդները վարժարանի զաւակներն են: Մեսրոպեանի տնօրէնը ըսաւ. «Մենք մեր բոլոր ուժերը ի գործ պիտի դնենք, որպէսզի Մեսրոպեան վարժարանը ո՛չ միայն հայկական առումով չափանիշ դառնայ, այլ` մրցի լիբանանեան լաւագոյն վարժարաններուն հետ: Մենք հպարտ ենք ու կը պարծենանք մեր շրջանաւարտներով: Նայեցէ՛ք ձեր շուրջը. Լիբանանէն մինչեւ Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ, կը տեսնէք, որ ամէնուրեք մեսրոպեանականները բարձր դիրքեր գրաւած են, մեծ պաշտօններու տէր են եւ հաւատարիմ կը մնան իրենց ազգային ու հոգեւոր պատկանելիութեան ու Մեսրոպ Մաշտոցի կտակին»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան վարժարանի 75-ամեայ երթին:
Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի նուագախումբը, որ ներկայացուց «Սուրերու պար», «Օրօր» եւ «Ալայլուղս» երաժշտութիւնները` խմբավարութեամբ Կարօ Աւեսեանին:
Խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ ամբողջական կերպով արժեւորեց Մեսրոպեան վարժարանին բազմամեայ գործունէութիւնը` ի խնդիր սերունդներու դաստիարակութեան եւ կրթութեան: Դեսպանը հաստատեց, որ Մեսրոպեանի մէջ հայկականութեան ոգին կը պահպանուի եւ շունչը կը փոխանցուի նոր սերունդներուն: Աշոտ Քոչարեան Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութեան, անձնակազմին, ծնողներու ու աշակերտներուն փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութեան եւ կրթութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի ջերմագոյն շնորհաւորութիւնները եւ մաղթանքները:
Դեսպանին խօսքին յաջորդեց Մեսրոպեան վարժարանի նուագախումբին երկրորդ ելոյթը, որուն ընթացքին ներկայ թէ նախկին նուագեցին «Նազան եար» եւ «Ճան Հայաստան» ստեղծագործութիւնները:
Մեսրոպեան վարժարանին մէջ իրենց ունեցած մեծ վաստակին առ ի գնահատանք, յուշանուէրներ ստացան նախկին տնօրէններն ու 20 տարիներէ աւելի Մեսրոպեանի ընտանիքին մէջ գործող պաշտօնեաներն ու ուսուցիչները:
Աւարտին, խմբավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանին, Մեսրոպեան վարժարանէն 75 մեսրոպեանականներ, իբրեւ 75-տարուան գործունէութեան մէկական ներկայացուցիչներ, երգեցին Մեսրոպեան վարժարանին նուիրուած երգ մը:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
75-ԱՄԵԱԿԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ








All the contents on this site are copyrighted ©.